Ատրպէյճանի Վերաքննիչ դատարանը մերժած է Արցախի նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներու բողոքները՝ անփոփոխ թողելով Առաջին ատեանի վճիռը։ Այս մասին հաղորդած է ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը։
Դատաւոր Էլմար Ռահիմովի նախագահութեամբ կայացուած որոշման համաձայն՝ Պաքուի Ռազմական դատարանի 2026 թուականի Փետրուար 5-ի վճիռը, բողոքարկումներու մասով, կը մնայ անփոփոխ:
Պաքուի Զինուորական դատարանը Փետրուարին ցմահ կամ երկարատեւ ազատազրկման դատապարտեց Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Ատրպէյճանական կողմը զանոնք կը մեղադրէ շարք մը ծանր յօդուածներով, այդ շարքին՝ խաղաղութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, պատերազմական յանցագործութիւններու, ահաբեկչութեան, իշխանութեան բռնի զաւթման եւ այլ մեղադրանքներով։
Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան Յունիսին բանտէն ձայնային ուղերձով յայտնած էր, որ բողոքարկումը ձեւական բնոյթ կը կրէ, որեւէ սպասում չունին ատրպէյճանական արդարադատութենէն, պարզապէս այդ քայլով ճանապարհ կը հարթեն դէպի Միջազգային դատարան:

