Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Հրամանագրով Ձեւաւորուած Է ՀՀ Կառավարութեան Կազմը

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Հրամանագրով Ձեւաւորուած Է ՀՀ Կառավարութեան Կազմը

by MassisPost

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Մհեր Գրիգորեանն ու Տիգրան Խաչատրեանը վերանշանակուած են փոխվարչապետի պաշտօնին։

Վարչապետին որոշմամբ կառավարութեան կազմին մէջ գրեթէ փոփոխութիւններ չեն եղած։

Նախագահին հրամանագրով Արսէն Թորոսեանը վերանշանակուած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի նախարարի պաշտօնին, Անահիտ Աւանեսեանը՝ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնին, Սրբուհի Գալեանը՝ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին, Արարատ Միրզոյեանը՝ արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնին, Ժաննա Անդրէասեանը՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի պաշտօնին, Արփինէ Սարգսեանը՝ ներքին գործերու նախարարի պաշտօնին, Համբարձում Մաթեւոսեանը՝ շրջակայ միջավայրի նախարարի պաշտօնին, Սուրէն Պապիկեանը՝ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին, Դաւիթ Խուդաթեանը՝ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնին, ելեւմուտքի նախարար վերանշանակուած է Վահէ Յովհաննիսեանը, Գէորգ Պապոյեանը վերանշանակուած է տնտեսութեան նախարարի պաշտօնին։

Միայն բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարը փոխուած է, Մխիթար Հայրապետեանին փոխարինած է Դաւիթ Թադեւոսյեանը։

Օգոստոս 2-ին, Սահմանադրութեան 158-րդ յօդուածին համաձայն, Ազգային Ժողովի 9-րդ գումարման առաջին նստաշրջանի օրը կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուցած էր հանրապետութեան նախագահին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment