ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Լիլիթ Մակունցը կը նշանակուի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար: Այդ մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Լիլիթ Մակունցը Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւնը ղեկավարած է 2021-2025 թուականներուն, մինչ դեսպան նշանակուիլը երկուքուկէս տարի ղեկավարած էր Ազգային ժողովի իշխանական «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը:
Նախորդ հինգ տարիներուն վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցուցած է Արայիկ Յարութիւնեանը:
Թէ՛ Մակունցը եւ թէ՛ Յարութիւնեանը Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատգամաւոր ընտրուած են «Քաղաքացիական Պայմանագրի» ցուցակով, նախկին դեսպանը ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով:

