Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցին, նշեց՝ «առնուազն քանի մը հարցերու շուրջ եկած ենք ընդհանուր ըմբռնման»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնն ունի օրինական իրաւունք ինքն իր համար այլընտրանքներ ձեւաւորելու: Ես Ռուսաստանի նախագահին ասացի, որ մենք յայտարարել ենք այդ ճանապարհն ու մենք գնալու ենք այդ ճանապարհով, մանաւանդ հիմա, երբ Հայաստանի ժողովուրդն էլ քուէարկել է դրա օգտին: Ես չեմ պատկերացնում, որ մեր քաղաքականութեան արդիւնքում յայտնուենք մի իրադրութեան մէջ, որ ՀՀ-ն այլընտրանքներ չունենայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ պէտք է ունենայ այլընտրանքներ», – լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ Փաշինեան:
«Ազատութեան» հարցին՝ «կարո՞ղ ենք ասել, որ ըստ էութեան չստացուեց Ձեր երկխօսութիւնը ՌԴ նախագահի հետ, որովհետեւ համաձայնութեան մասին խօսք չկար», Փաշինեան պատասխանեց. «Երկխօսութիւնը ստացուեց, որովհետեւ երկար խօսեցինք»:
Յուլիս 27-ին հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցին Փաշինեան ընդգծած էր, որ հայաստանեան ծագման ապրանքներու՝ ռուսական շուկա արտահանման սահմանափակումները կը հակասեն Հայաստան–Ռուսաստան իրաւապայմանագրային շրջանակին ու Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կարգաւորումներուն, եւ խնդրած էր միջոցներ ձեռնարկել՝ այս խնդիրները կարգաւորելու ուղղութեամբ:
Անդրադառնալով Ռուսաստանի կողմէ արտահանման սահմանափակումներու խնդիրին՝ Փաշինեան ընդգծեց՝ «այդ ԵԱՏՄ խնդիրն է»: «Փաստացի ստացւում է, որ ԵԱՏՄ-ն կաթուածահար է ու չի աշխատում: Եթէ այս հարցը արագ չկարգաւորուի, թոյլ տուէք կանխատեսել, որ դա կը լինի ԵԱՏՄ-ի վերջի սկիզբը»,- ըսաւ վարչապետը:
Իսկ հնարաւո՞ր է Հայաստանի կառավարութիւնը որոշէ աւելի շուտ դուրս գալ ԵԱՏՄ-էն, Նիկոլ Փաշինեան արձագանգեց. «Ոչ, մենք նման ծրագիր չունինք»:
«Դուք գիտէք, որ Մայիսի 29-ին Ասթանայում ԵԱՏՄ անդամ չորս երկրների ղեկավարներ ընդունել են համատեղ յայտարարութիւն, որտեղ պաշտպանել են ԵՄ-ին անդամագրուելու մասով Հայաստանում հանրաքուէ անցկացնելու իրադրութիւնը, ինչը վատ չէ: Ես նաեւ Ռուսաստանի նախագահին եմ ասել, որ այդ քուէարկութիւնը չի կարող տեղի ունենալ առանց դրա առարկայի ներկայութեան: Այդ հանրաքուէն անցկացնելու համար մենք պէտք է առնուազն դիմած լինենք Եւրամիութեան անդամագրուելու հարցով»,- ընդգծեց ան:
Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին Ռուսաստանի նախագահը եւս մէկ անգամ պնդած էր, որ Երեւանը պէտք է հանրաքուէ կայացնէ որոշելու՝ եւրասիակա՞ն, թ՞է եւրոպական ուղիով կ’երթայ:
Եթէ հայաստանեան ծագման ապրանքներու՝ ՌԴ շուկայ արտահանման սահմանափակումները արագ չլուծուին, այդ պիտի ըլլայ ԵԱՏՄ-ի վերջաւորութեան սկիզբը։ Այսպիսի կանխատեսում ըրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 29-ին, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նիստէն յետո լրագրողներու հետ զրոյցին։
Փաշինեանը լրագրողներուն յայտնած է, որ այդ հեռախօսազրոյցին ընթացքին ինքն ու Փութինը շարք մը հարցերու շուրջ ընդհանուր ըմբռնման եկած են։ Նման հարցերու շարքին եղած է նաեւ այն, որ Հայաստանը օրինական իրաւունք ունի այլընտրանքներ ձեւաւորելու։
«Ես չեմ պատկերացնում, որ մենք մեր քաղաքականութեան արդիւնքում յայտնուենք մի իրադրութեան մէջ, երբ Հայաստանն այլընտրանքներ չունի։ Այստեղ խնդիրն այն է, թէ այդ այլընտրանքը երբ պէտք է իրացուի։ Ես ՌԴ նախագահին ասել եմ, որ հանրաքուէն չի կարող տեղի ունենալ առանց դրա առարկայի ներկայութեան։ Հետեւաբար այդ հանրաքուէն անցկացնելուց առաջ մենք պէտք է առնուազն դիմած լինենք Եւրոմիութեանն անդամագրուելու հարցով»,- ըսած է վարչապետը։

