Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Moody’s-ը Հայաստանի Ինքնիշխան Վարկանիշի Հեռանկարը Վերանայած Է «Կայուն»-էն՝ «Դրական»-ի

Moody’s-ը Հայաստանի Ինքնիշխան Վարկանիշի Հեռանկարը Վերանայած Է «Կայուն»-էն՝ «Դրական»-ի

by MassisPost

Moody’s վարկանիշային գործակալութիւնը 2026 թուականի Յուլիս 28-ին հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան վարկանիշի վերաբերեալ իր որոշումը, որով ՀՀ ինքնիշխան վարկանիշի հեռանկարը վերանայուած է «կայուն»-էն «դրական»-ի, իսկ երկարաժամկէտ ինքնիշխան վարկանիշը վերահաստատուած է «Ba3» մակարդակի վրայ։

Moody’s-ը վարկանիշի հեռանկարի փոփոխութիւնը կը պայմանաւորէ հետեւեալ հիմնական գործօններով.

Աշխարհաքաղաքական եւ քաղաքական վտանգներու նուազում՝ պայմանաւորուած Ատրպէյճանի հետ լայնածաւալ ռազմական բախման հաւանականութեան նուազմամբ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացով, արտաքին գործընկերներու բազմազանեցմամբ (ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան խորացմամբ) եւ ներքաղաքական կայունութեամբ։

Միջնաժամկէտ տնտեսական աճի բարելաւուած հեռանկարներ՝ 2026–2027 թուականներուն կ’ակնկալուի 5-5.5% տնտեսական աճ, որ պիտի պայմանաւորուի ներքին պահանջարկի կայունութեամբ, ներդրումներու աճով, ծառայութիւններու ոլորտի շարունակական զարգացմամբ եւ պետական ծախսերու ընդլայնմամբ։

Տնտեսութեան կառուցուածքային ներուժի ուժեղացում՝ պայմանաւորուած ներդրումներու աճով՝ յատկապէս արհեստագիտական եւ ենթակառուցուածքային ոլորտներուն մէջ, տնտեսութեան շարունակական բազմազանեցմամբ եւ արտադրողականութեան բարձրացման հեռանկարներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment