Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ։
Վարչապետը եւս մէկ անգամ իր ցաւակցութիւնը յայտնած է ԻԻՀ գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէիի մահուան առիթով՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը կը կիսէ Իրանի ժողովուրդին վիշտը։
Նախագահ Փեզեշքեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին Ալի Խամինէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրան ժամանելու համար։ Ան նշած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ դժուարին իրավիճակի մէջ Իրանի նկատմամբ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած դիրքորոշումը եւ ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութիւնը։
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակի առիթով եւ համոզմունք յայտնած, որ երկկողմ յարաբերութիւնները շարունակեն հետեւողականօրէն զարգանալ ու ամրապնդուիլ։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերու շուրջ՝ կարեւորելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը։


