Ընթացիկ տարուան մէջ առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգի ֆինանսական կատարողականը կազմած է 97,4 միլիառ դրամ: Այս մասին յայտնած է առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը Յունիսի 30-ի ասուլիսին ժամանակ։ Նախարարը յայտնած է, որ այս տարուայ Յունուարէն համակարգի շահառուներուն թիւը արդէն հասած է 1,7 միլիոնի:
«Ծառայութիւններից օգտուել է 842.750 անձ։ Սա բաւական մեծ թիւ է, սա նշանակում է, որ թէ՛ կանխարգելիչ, թէ՛ սքրինինկային եւ թէ՛, ընդհանուր առմամբ, դեղերից օգտուելու, բժշկական ծառայութիւնների հիւանդանոցային օղակում մենք դիմելիութեան բաւական մեծ կշռոյթ ենք ունեցել։ Մատուցուած ծառայութիւնների թիւը 8 միլիոն 399 հազար 491 է։ Ուզում եմ՝ այստեղ չշփոթենք. անձանց թիւը 842.750 է, ծառայութիւնների թիւը՝ 8 միլիոն 399 հազար 491։ Հասկանում ենք, որ մէկ անձը կարող է մի քանի ծառայութիւններից օգտուել»,- ըսած է նախարարը։
Աւանեսեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ մինչեւ 2028-ը առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգին մէջ պիտի ներառուի երկրին ամբողջ բնակչութիւնը, ինչի արդիւնքով պետական պատուէրի գործող ծրագիրը պիտի դադրեցուի:
«Մեր նպատակն է 3 միլիոն բնակչութեանը ներառել առողջութեան ապահովագրութեան մէջ եւ աւարտել պետական պատուէրի ծրագրերը»,- ըսած է նախարարը։
Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ տարեսկիզբի 1,5 միլիոն ցուցանիշի աճը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է 183 օրէ աւելի Հայաստանի մէջ գտնուող բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ 200 հազար դրամէ բարձր աշխատավարձ ստացողներու աւելացմամբ:
Համակարգին աշխուժօրէն կը միանան նաեւ անհատ ձեռնարկատէրերը, որոնց համար պարտադիր պահանջը ուժի մէջ մտած է Յունիս 20-ին։
Ընդլայնման յաջորդ փուլով՝ 2027-ի Յունուար 1-էն, ապահովագրութիւնը պարտադիր պիտի դառնայ քաղաքացիաիրաւական պայմանագրերով աշխատողներու, թաքսիի վարորդներու եւ, անկախ աշխատավարձի չափէն, բոլոր գրանցուած աշխատողներուն համար, ինչ որ պիտի աւելցնէ շահառուներուն թիւը եւս քանի մը հարիւր հազարով։
Յառաջիկայ պիւտճէական քննարկումներուն բերումով պիտի յստակացուի պետութեան կողմէ ամբողջութեամբ օժանդակուող քաղաքացիներու նոր խումբերուն ցանկը:

