Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հեռախօսազրոյցը։
Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին եւս մէկ անգամ շնորհաւորած է վարչապետ Փաշինյեանը՝ Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններում յաղթանակի առիթով եւ յաջողութիւններ մաղթել յետագայ գործունէութեան ընթացքում։
Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն է յայտնել շնորհաւորանքի համար եւ իր հերթին շնորհաւորած է Նարենտրա Մոտին՝ Հնդկաստանի պատմութեան մէջ ամենաերկար պաշտօնավարած ընտրուած վարչապետը դառնալու առիթով, մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ՝ ի նպաստ Հնդկաստանի բարեկեցութեան եւ զարգացման։
Զրուցակիցները ընդգծած են Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը եւ գոհունակութեամբ արձանագրած երկկողմ համագործակցութեան դրական յարաշարժութիւնը։ Կարեւորուած է քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ընդլայնումը՝ տնտեսութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, մշակոյթի եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ։
Վարչապետները անդրադարձած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով փոխգործակցութեան հարցերուն, քննարկած Հայաստան-Հնդկաստան օրակարգի շարք մը ուղղութիւններով յարաբերութիւններու հետագայ խորացման միտուած քայլերը։
Կողմերը կարեւորած են նաեւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու կազմակերպումը՝ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան աւելի ամրապնդման եւ նոր նախաձեռնութիւններու յառաջմղման համար:

