Փողերու լուացման գործով 50-է աւելի հասցէներով խուզարկութիւններ իրականացուած են։ Ֆէյսպուքեան իր էջով այս մասին գրած է Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Կիմա Ավդալեանը։
«Բազմաթիւ անձանց նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերի լուացման դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքում 50-ից աւելի հասցէներում իրականացւում են խուզարկութիւններ»,- գրած է Ավդալեան:
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին իրաւապահները զանգուածային խուզարկութիւններ ու ձերբակալութիւններ կ’իրականացնեն ընտրակաշառքի գործերով։ Գործողութիւններու հիմնական թիրախը «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու երեւանեան ու մարզային գրասենեակներն են եւ աքթիւիսթներու բնակարանները։
Ըստ վարութներու՝ յարուցուած տասնեակ քրէական գործեր ու ձերբակալուածներ կան։

