Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինը Մոսկուայի մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանի հետ, որուն յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիրմիր Զելենսքիին Ռուսաստանին ուղղուած «ահաբեկչական սպառնալիքներ» հնչեցնելու համար «հարթակ տրամադրելու» կտրականապէս անընդունելի ըլլալու մասին, ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։
«Դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին յայտարարուած է Հայաստանի տարածքին, ԵՄ հովանիին ներքոյ վերջերս կայացուած միջոցառումներու շրջանակին մէջ, Քիեւի նացիստական վարչակարգի ղեկավար Վլատիմիր Զելենսքիին Ռուսաստանին ուղղուած ահաբեկչական սպառնալիքներ հնչեցնելու համար «հարթակ տրամադրելու» կտրականապէս անընդունելի ըլլալու մասին»,- ընդգծած են գերատեսչութենէն։
ՌԴ ԱԳՆ-ի մէջ նաեւ նշած են, որ Երեւանը պատշաճ բացասական գնահատական չէ տուած Հայաստանի մէջ Զելենսքիին՝ Ռուսաստանի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն, ինչ որ, ըստ ռուսական կողմին, չի համապատասխաներ երկկողմ յարաբերութիւններու գործընկերային բնոյթին։

