Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՌԴ ԱԳՆ-ն Հայաստանի Դեսպանը Կանչած Է՝ Զելենսքիին «Հարթակ Տրամադրելու» Պատճառով

ՌԴ ԱԳՆ-ն Հայաստանի Դեսպանը Կանչած Է՝ Զելենսքիին «Հարթակ Տրամադրելու» Պատճառով

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինը Մոսկուայի մէջ հանդիպած է Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանի հետ, որուն յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիրմիր Զելենսքիին Ռուսաստանին ուղղուած «ահաբեկչական սպառնալիքներ» հնչեցնելու համար «հարթակ տրամադրելու» կտրականապէս անընդունելի ըլլալու մասին, ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։

«Դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին յայտարարուած է Հայաստանի տարածքին, ԵՄ հովանիին ներքոյ վերջերս կայացուած միջոցառումներու շրջանակին մէջ, Քիեւի նացիստական վարչակարգի ղեկավար Վլատիմիր Զելենսքիին Ռուսաստանին ուղղուած ահաբեկչական սպառնալիքներ հնչեցնելու համար «հարթակ տրամադրելու» կտրականապէս անընդունելի ըլլալու մասին»,- ընդգծած են գերատեսչութենէն։

ՌԴ ԱԳՆ-ի մէջ նաեւ նշած են, որ Երեւանը պատշաճ բացասական գնահատական չէ տուած Հայաստանի մէջ Զելենսքիին՝ Ռուսաստանի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն, ինչ որ, ըստ ռուսական կողմին, չի համապատասխաներ երկկողմ յարաբերութիւններու գործընկերային բնոյթին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment