Իրաւապահները Շիրակի մարզի Անի համայնքի շարք մը հասցէներով խուզարկութիւններ իրականացուցած են, այդ շարքին՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան տարածքային գրասենեակներէն մէկուն մէջ, կան բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած անձեր։
Հակափտածութեան Կոմիտէէն յայտնեցին, որ նշուած հասցէներուն մէջ քննչական գործողութիւնները իրականացուած են ընտրակաշառք տալու, ստանալու եւ Քրէական օրէնսգիրքի շարք մը այլ յօդուածներով Հակափտածութեան Կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ։

