Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Եանեժ Լենարչիչը։
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանին մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման վերաբերող հարցերու։
Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութիւնը ձեռնարկած է բոլոր քայլերը՝ ընտրութիւնները ազատ, արդար եւ թափանցիկ կազմակերպելու եւ կայացնելու համար՝ յաւելելով, որ մասնակից քաղաքական բոլոր ուժերուն համար ստեղծուած են հաւասար պայմաններ։ Երկրին ղեկավարը կարեւորած է ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւններու արդիւնաւէտ իրականացումը՝ ընդգծելով, որ անոր համար նոյնպէս բոլոր հնարաւորութիւնները առկայ են։ Միաժամանակ, վարչապետը շեշտած է, որ 2018-էն ի վեր Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները կայացուած են ազատ, արդար, թափանցիկ եւ վստահութիւն յայտնած, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները եւս կը համապատասխանեն ժողովրդավարական չափանիշերուն։
Եանեժ Լենարչիչի խօսքով՝ ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններու շրջանակին մէջ հայաստանեան ընտրութիւններուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ է, Հայաստան գործուղուած է դիտորդական մեծ պատուիրակութիւն, որուն անդամները պիտի տեղաբաշխուին հանրապետութեան ամբողջ տարածքով: Ան յոյս յայտնած է, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան բարձր մակարդակով եւ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան:

