ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տրուած է «Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու մասին» օրէնքի նախագիծին։
Նախագիծով կ’առաջարկուի վաւերացնել Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը, իսկ օրէնքի ընդունման պարագային այն ուժի մէջ պիտի մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրէն։
Ըստ հիմնաւորման՝ Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստորագրուած է 2026 թուականի Յունուար 22-ին։ Կանոնադրութիւնը ստորագրած են նաեւ շարք մը այլ պետութիւններ, այդ շարքին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Արժանթինը, Ատրպէյճանը, Հունգարիան, Ղազախիստանը, Քաթարն ու Թուրքիան։
Խաղաղութեան խորհուրդը միջազգային կազմակերպութիւն է, որուն հիմնական նպատակը հակամարտութիւններէն տուժած տարածքներուն մէջ կայունութեան խթանումն ու խաղաղութեան ապահովումն է։ Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ մշակել եւ տարածել խաղաղութեան հաստատման լաւագոյն փորձը՝ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ։
Ֆինանսներու նախարարութեան գնահատմամբ՝ կանոնադրութեամբ կը նախատեսուին նաեւ ֆինանսական պարտաւորութիւններ Հայաստանի համար, ինչ որ կրնայ յանգեցնել պետական պիւտճէի ծախսերու աւելացման։
Միաժամանակ, Արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ փաստաթուղթը չի հակասեր գործող օրէնսդրութեան եւ ենթակայ է վաւերացման՝ Սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգով։
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան տուեալներով՝ կանոնադրութեամբ Հայաստանի համար գոյքային պարտաւորութիւններ նախատեսող դրոյթներ չկան։
Հաշուի առնելով վերոգրեալը՝ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նպատակայարմար համարած է կանոնադրութեան վաւերացումը Ազգային Ժողովին կողմէ։
Խաղաղութեան խորհուրդը ստեղծուած է 2026 թուականին՝ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի նախագահութեամբ։ Խորհուրդի կայքին մէջ կը նշուի, որ այն կը ձգտի խթանելու կայունութիւնը, վերականգնելու յուսալի եւ օրինական կառավարումը եւ ապահովելու երկարատեւ խաղաղութիւն հակամարտութենէն տուժած կամ սպառնալիքի տակ գտնուող տարածքներուն մէջ:

