Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ «Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն». Ճանչցի՛ր, Ներողութիւն Խնդրէ՛ Եւ Հատուցէ՛

Թուրքիոյ «Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն». Ճանչցի՛ր, Ներողութիւն Խնդրէ՛ Եւ Հատուցէ՛

by MassisPost

Թուրքիոյ «Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն»ը (ՄԻՄ-İHD)՝ Ռասիզմի եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն՝ վերահաստատելով իր պահանջները։ «İHD»-ի յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կը նշանակէ շարունակել յանցագործութիւնը։

İHD-ը կը նշէ, թէ ժխտողականութիւնը միայն անցեալի մերժում չէ, այլ նաեւ հարուած է զոհերու սերունդներուն, որոնք ամէն օր ստիպուած են վերապրիլ այդ ողբերգութիւնը։ Աւելին՝ նշուած է, թէ ժխտման հետեւանքով ոճրագործները (Էնվեր, Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաներ) «հերոսացուին», ինչ որ կը սնուցանէ ցեղապաշտութեան դրսեւորումները հասարակութեան մէջ։

Միութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կը յիշեցուի, թէ İHD-ը եղած է Թուրքիոյ մէջ առաջին կազմակերպութիւնը, որ տակաւին 2005-ին բացայայտ կերպով գործածեց «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ սկսաւ ոգեկոչման ձեռնարկներ կազմակերպել։ Իրենց միութիւնը նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած է թրքական բանակի հայ զինուոր Սեւակ Շահին Բալըքճըի յիշատակին, որ սպաննուած էր 2011 թուականի ապրիլ 24-ին զինուորական ծառայութեան ընթացքին։

Յայտարարութեան աւարտին միութիւնը կրկնած է իր հիմնական կարգախօսը. «Ճանչցի՛ր, ներողութիւն խնդրէ՛ եւ հատուցէ՛»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment