Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» (DEM) կուսակցութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ուր նշուած է, թէ պատմական փաստերուն հետ առերեսուիլը անխուսափելի քայլ մըն է հասարակական իրազեկութիւնը բարձրացնելու, իրարու եւ անցեալը հասկնալու, եւ պատմական վէրքերը անկեղծ մօտեցումով ամոքելու համար։ Զոհ դարձած ժողովուրդներէն ներողութիւն խնդրելը, վերականգնողական արդարադատութեան միջոցներուն դիմելը այն կարեւոր ուղին է, որով կը կառուցուի համատեղ եւ հաւասար ապագան, ինչպէս նաեւ հանրային համերաշխութիւնը։
Նշուած է, թէ 111 տարի անցած է 1915-ի ապրիլ 24-ին սկսած էթնիկ, կրօնական եւ մշակութային ցեղասպանութենէն, երբ աւելի քան 200 հայ մտաւորականներ աքսորուեցան եւ սպաննուեցան։ Ապրիլ 24-ին սկսած այդ գործընթացը շարունակուեցաւ հարիւր հազարաւոր հայերու աքսորով եւ սպանութեամբ։ Այս հողերու քրիստոնեայ այլ ժողովուրդներն ալ ծանր գին վճարեցին այդ քաղաքականութեան եւ գործելակերպին հետեւանքով եւ կոտորուեցան։
Այսօր արդէն յստակ է, որ պատմական մոլորութիւն եղած է այս հողերուն վրայ ապրող տարբեր ժողովուրդներու եւ հաւատքներու, ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու մոռացութեան մատնումը, այլ խօսքով՝ այն մտածելակերպը, որ ուղղուած էր տարբերութիւնները ջնջելուն, ոչնչացնելուն, անտեսելուն եւ միատարր հասարակութիւն ստեղծելուն։ Այն համընդհանուր ճշմարտութիւնը, թէ այս հողերուն վրայ ոչ մէկ էթնիկ ինքնութիւն, լեզու, մշակոյթ կամ հաւատք պէտք է գերակայէ միւսին նկատմամբ, եւ որ բոլորը հաւասար ու ազատ են, պէտք է ընդունուի եւ արմատաւորուի թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ քաղաքական մակարդակներով։
«Ակնյայտ է, թէ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի աշխարհագրութիւնը, պատմական իրողութիւններուն եւ ամօթին հետ առերեսուելու յետաձգումը կամ չիրականացումը, որոնք մեր ապրած հողերը դարձուցած են անպտուղ, չեն ծառայեր ո՛չ հասարակական խաղաղութեան եւ ո՛չ ալ ճշմարտութեան բարձրաձայնման։ Մեր տարածաշրջանի մաս կազմող Հայաստանի հետ դիւանագիտական, առեւտրական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացումը կը բխի մեր ժողովուրդներու կարիքէն եւ շահերէն»։
DEM կուսակցութիւնը այս մէկը կը նկատէ նաեւ միջոց մը՝ Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կառուցելու համար։
«Այս զգացումներով եւ մտածումներով, որպէս Անատոլիոյ եւ Միջագետքի հնագոյն ժողովուրդներ, մենք կրկին կը բաժնենք հայ ժողովուրդին եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն 111-ամեայ ցաւն ու սուգը, եւ վիշտով ու յարգանքով կը յիշենք այդ ժամանակ կոտորուած մեր մարդիկը։ Մենք մեր սրտերուն մէջ խորապէս կը զգանք այս մեծ մարդկային ողբերգութիւնը»՝ ամփոփուած է յայտարարութեան մէջ։

