Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նիւ Եորքի Մահմետական Քաղաքապետ` Մամտանի կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Վերահաստատելով Ազատութեան Իրաւունքը

Նիւ Եորքի Մահմետական Քաղաքապետ` Մամտանի կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Վերահաստատելով Ազատութեան Իրաւունքը

Պաքուն Քննադատած Է Մամտանի Յայտարարութիւնները

by MassisPost

Նիւ Եորք քաղաքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանին ուրբաթ օրը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով կը ճանչնայ է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը վերահաստատէ «բոլոր ժողովուրդներուն՝ ազատութեան, անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը»։

Մամտանին X հարթակին վրայ գրած է. «Երբ կը յարգենք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ժամանակակից Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տարածքներուն մէջ սպաննուած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը, պէտք է մերժենք թոյլ տալ, որ պատմութիւնը կրկնուի»։

Ան նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին, որու հետեւանքով աւելի քան 100,000 հայեր տեղահանուեցան շրջանին մէջէն՝ նշելով, որ ասիկա «շարունակութիւնն է այն ցեղասպանական արշաւին, որ սկսած էր աւելի քան 100 տարի առաջ»։

Յայտարարութիւնը կը յաջորդէ իր նախորդին՝ Դեմոկրատ Էրիք Ատամսի տարիներու լռութեան, որ 2024-ին մեղադրուած էր  թրքական կառավարութեան հետ գործարքներու մէջ։

Մեղադրական ակտը կը նշէր, որ թրքական պաշտօնեան բազմիցս խնդրած էր երաշխիքներ, թէ Ատամս որեւէ յայտարարութիւն պիտի չընէ ցեղասպանութեան մասին, եւ ան իր պաշտօնավարման ընթացքին նման յայտարարութիւն չէր ըրած։

Պաքուն քննադատած է այս յայտարարութիւնները։ Ազրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակ Այխան Հաճիզատէն զանոնք անուանած է «կեղծ եւ սադրիչ»։ Ան շեշտած է, որ հանրային դէմքերը պէտք է խուսափին «ապատեղեկատուութենէն եւ չխրախուսեն պառակտումը»։

«Նման արտայայտութիւնները կը վկայեն շրջանին պատմութեան եւ իրողութիւններուն ոչ բաւարար ըմբռնումի մասին եւ կը խեղաթիւրեն փաստերը քաղաքական նպատակներով։ 2020 թուականին Ազրպէյճան գործած է իր միջազգայինօրէն ճանաչուած ինքնիշխան տարածքներուն սահմաններուն մէջ՝ համապատասխան միջազգային իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն»,– յայտարարած է խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment