Մայիս 23-ին, Սպիտակ Տունը հրապարակեց Տոնալտ Թրամփի վարչակազմի 2018-ի տարեկան պիւտճէի նախագիծը, ուր արձանագրուած են մեծ կրճատումներ գրեթէ բոլոր բնագաւառներու մէջ, ներառեալ ընկերային նպաստներու եւ արտաքին օժանդակութիւններու գծով:
Առաջարկուող նախագիծով կրճատումի ենթարկուած է նաեւ Հայաստանին յատկացուող արտաքին օժանդակութիւնը:
Նախորդ տարուայ 20.4-ի փոխարէն, գալիք տարուայ պիւտճէով Հայաստանի պիտի տրամադրուի 6.8 միլիոն, ինչ որ կը նշանակէ 67 տոկոսի կրճատում:
Ատրպէյճանին տրամադրուող օժանդակութիւնը պակսած է 90 տոկոսովª եւ նախատեսուած գումարը միայն մէկ միլիոն տոլար է: Նոյնպէս, 58 տոկոսով կրճատուած է Վրաստանին յատկացուող օգնութիւնը:
Պիւտճէի այս նախագիծը, հրապարակումէն անմիջապէս ետք, արժանացաւ քննադատութեան, ե°ւ Հանրապետական ե°ւ Դեմոկրատ գոնկրէսականներու կողմէ, որոնք կրնար փոփոխութիւններու ենթարկելէ եւ վերջնական տեսքի բերելէ ետք վաւերացնել զայն: Այս ընթացքին, հայամէտ գոնկրէսականները առիթ պիտի ունենան Հայաստանին տրամադրուելիք նպաստները եւս որոշ չափով վերատեսութեան ենթարկելու: