Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աթէշեանի Հրաժարականի Պատճառը Պոլսահայ Համայնքի Ճնշումն էր

Աթէշեանի Հրաժարականի Պատճառը Պոլսահայ Համայնքի Ճնշումն էր

by MassisPost

Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Այս մասին լուրը հաղորդած է «Արեւելք» կայքէջը:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը, անդրադառնալով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնը զբաղցնող Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հրաժարականին, գրած է, որ Պոլսոյ հայ համայնքը երկար ժամանակ է դժգոհ էր Աթէշեանի կատարած շարք մը քայլերէն եւ ամենատարբեր ձեւերով փորձած է ճնշում գործադրել վերջինիս վրայ, ինչին ալ ի վերջոյ հետեւած է անոր հրաժարականը:

Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները տեւական ժամանակ է՝ կը պահանջէին  նոր ընտրութիւններ իրականացնելու որոշում կայացնել՝ ուզելով իրենց առաջնորդը ըլլայ ոչ թէ պետութեան կողմէ նշանակուած, այլ իրենց ձայներու արդիւնքով ընտրուած անձ:

Պոլսոյ հայ համայնքը վերջին ամիսներուն ամենատարբեր միջոցներով պոյքոթած է Աթէշեանի մատուցած պատարագներն ու ելոյթները, կազմակերպած ստորագրահաւաքներ՝ պահանջելով Աթէշեանի հրաժարականը:

«Հայկական համայնքի ներսը ծաւալուած զարգացումներէն ետք Պոլսոյ հայ համայնքի հիմնադրամներու ղեկավարներու ու բարերարներու հետ այսօր կայացած հանդիպման ընթացքին Աթէշեանը յայտնած է իր հրաժարականի մասին», -գրած է թրքական մէկ այլ լրատուամիջոց՝ «demokrathaber.org» կայքը:

Նշենք, որ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը մահաթմբիրի մէջ կը գտնուի 2008-էն եւ փաստացի չի կրնար կատարել պատրիարքի իր լիազօրութիւնները։ Անոր փոխարէն այդ լիազօրութիւնները կը կատարէր Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, որ ընտրուած է ոչ թե համայնքի, այլ պետութեան կողմէ:

Յիշեցնենք, որ փետրուարին Էջմիածինի մէջ կայացուած որոշման համաձայն՝ 15 մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւն: Ընտրութենէ ետք, որուն համոզիչ յաղթանակ տարած էր Արամ Աթէշեանի հակառակորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը, Պոլսոյ նահանգապետարանը անակնկալ կերպով միջամտած էր ընտրութիւններուն: Պոլսոյ նահանգապետի տեղակալը նախքան պատրիարքարանի մէջ ընտրութիւններ սկսիլը գրութիւն ուղարկած էր, որ իրաւաբանօրէն անհնար կը համարէր պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացի մեկնարկը: Այս գրութիւնը ցոյց տալով, տեղապահի ընտրութիւններուն պարտուած փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը յայտարարած էր, որ պիտի շարունակէ տեղապահի պաշտօնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment