Նախաձեռնութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Նոյեմբեր 2-ի երեկոյեան ժամը 4-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Գիրքերու ցուցահանդէս- վաճառք Փասատէնայի ՀԿԲՄ կեդրոնին ներս: Սոյն ձեռնարկը համախմբեց գրասէրներն ու հայ գիրքի ու գրականութեան սիրահարները նոյն երդիքին տակ:
Միջոցառման ընթացքին ներկայ էին ճանացուած եւ հանրայայտ գրողներ որոնցմէ էին, Արմէն Պօղոսեան, Գէորգ Պետիկեան, Գէորգ Յակոբեան, Յովսէփ Թօքաթ, Յովսէփ Նալպանտեան, Յովսէփ Կիրակոսեան, Արամ Քէթէնճեան եւ Խորէն Արամունի, որոնք իրենց հեղինակած գրքերով հանդիպեցան ընթերցասէր հասարակութեան` ներկայացնելով հայ մշակոյթի եւ գրականութեան բազմերանգ աշխարհը:
Իր գեղեցիկ հայկական տառերու ու պտուղներու բուրմունքը ներկայացնող Մանիա Ճերմակեանի նրբաճաշակ ձեռային աշխատանքներն ու գործերը աւելի եւս գեղեցկացուցած էր օրուայ առիթը որ առնչուած էր մշակութային ամսուայ խորագրին:
Ցուցահանդէսը հանդիսացաւ մշակութային գեղեցիկ օր մը` լի ստեղծագործ զրոյցներով, ստորագրութիւններով եւ գրական ոգեւորութեամբ:
Այցելուները մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան հեղինակներուն նոր գործերուն եւ օգտուեցան անմիջական շփման առիթէն:
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը կը շարունակէ իր մշակութային առաքելութիւնը նպաստելով հայ գիրքի տարածման, ընթերցասիրութեան խթանման առաւել` գրողներու եւ ընթերցողներու միջեւ կապերու ամրապնդման:
Նոր Սերունդի վարչական կազմը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ գնահատանքի արժանի բոլոր գրողներուն« որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ ստեղծագործական ոգիով զարդարեցին ցուցահանդէսը:
Անի Մարսէլեան



