Պաշտօնական Պաքուն պատրաստ է թոյլ տալու ռուսական ապրանքները հասնին Հայաստան:
Այս մասին յայտնած է Ռուսսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։
«Երկու օր առաջ ատրպէյճանական կողմը մեզ հաստատեց ատրպէյճանական երկաթուղիներով ռուսական ապրանքները Ատրպէյճանի միջոցով Հայաստան տեղափոխելու հնարաւորութիւնը։ Այս առումով մենք նոյնպէս շատ հետաքրքրական յառաջընթաց արձանագրած ենք։
««Ռուսական երկաթուղիները» իր տարածաշրջանային գործընկերներուն հետ համատեղ ներկայիս կ’աշխատին այդ բեռնափոխադրումներու կազմակերպման ուղղութեամբ։ Միաժամանակ, մենք համապատասխան յանձնարարականներ տուած ենք Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան՝ այս նոր լոկիսթիք երթուղին մշակելու համար», – նշած է ան։

