Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս իր տիկնոջ հետ այցելած է Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճար եւ տաճարի հայկական բաժին։
Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին գրած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Կորիւն եպիսկոպոս Պաղտասարեանը։
«Այսօր պատիւ ունեցայ Երուսաղէմի հայ պատրիարքին անունով Ս. Յարութեան տաճարին մէջ դիմաւորելու ԱՄՆ փոխնախագահ տիար Ճէյ Տի Վենսն ու տիկինը, եւ հայկական բաժնին մէջ ներկայացնելու Հայ եկեղեցւոյ եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւն»,- գրած է ան:

