ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեանն ու ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆ անդրադարձած են Օգոստոս 8-ի համաձայնագրերու ընթացքին եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն։
Մկրտչեանի եւ Ուիթքոֆի հանդիպումը կայացած է Հոկտեմբեր 16-ին, Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան գագաթաժողովին, ինչպէս նաեւ Հոկտեմբեր 7-ի երկրորդ տարելիցին նուիրուած միջոցառման ծիրին մէջ։
Սթիվ Ուիթքոֆ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու հետեւողական աջակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։
Դեսպան Մկրտչեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Սթիվ Ուիթքոֆին՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար։

