Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ներդրումները, որոնք արդէն իսկ տարբեր ծրագրերով ընթացքի մէջ են, վերջնարդիւնքով պիտի հասնին 2,5 միլիառ եւրոյի։
Սիւնիքի մարզին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս՝ շեշտելով, որ այդ շատ կարեւոր յանձնառութիւն է, որ Եւրոմիութիւնը ստանձնած է 2021 թուականէն։
«Անոնք ծրագրեր են, որոնք արդէն իսկ կ’իրագործուին կամ նախապատրաստման փուլին են։ Օրինակ՝ Սիսիանէն Քաջարան մայրուղին՝ փապուղիի հետ միասին, այս նախաձեռնութիւններուն մաս է։ Անոնք ներդրումներ են, որոնք մենք կը կատարենք Եւրոմիութեան պիւտճէէն, վարկերու տեսքով, որոնք Հայաստանի կառավարութիւնը կը վերցնէ, ինչպէս նաեւ այլ գործընկերներու կողմէ կատարուող ներդրումները «Դիմակայուն Սիւնիք, Թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ»,- ըսած է Մարակոս։
Դեսպանը մանրամասնած է, որ այդ 2,5 միլիառ եւրոյի ներդրումներու մաս են «Կանաչ Երեւան» նախաձեռնութիւնը, Երեւանի հանրային փոխադրութեան բարեփոխումներու ծիրին մէջ ձեռք բերուած MAN մակնիշի 87 փոխադրակառքները, Երեւանի մէջ 50 մանկապարտէզի վերանորոգումը, ինչպէս նաեւ ներդրումները, որոնց նպատակն է բարելաւել ելեկտրուժի հաղորդալարերը Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, որ շատ կարեւոր է ՀՀ ելեկտրուժի շուկան բանալու առումով, որպէսզի աւելի կանաչ ուժանիւթային նախաձեռնութիւններ եւ ներդրումներ ըլլան երկրին մէջ։
«Հայաստանը շատ մեծ ներուժ ունի արեւային ֆոթովոլթային վահանակներու միջոցով ելեկտրուժի արտադրութեան ոլորտին մէջ, եւ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու բացումը, որ խաղաղութեան գործընթացի ծիրին մէջ, յուսամ, տեղի պիտի ունենայ, բազմաթիւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ։ Անոնք միայն հնարաւորութիւններ չեն առեւտուրի համար, անոնք հնարաւորութիւններ են հայ ժողովուրդին համար, Հայաստանի տնտեսութեան համար, ինչպէս նաեւ աւելի ու աւելի որակեալ աշխատատեղեր ստեղծելու համար»,- նշած է ԵՄ դեսպանը։
Մարակոս շեշտած է, որ Եւրոմիութիւնը ուս-ուսի կանգնած է Հայաստանի կողքին, որպէսզի օգնէ երկրին դառնալ աւելի դիմակայուն ու աւելի ինքնիշխան։
Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպանը նշեց նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան դերը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։

