Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած է Տարօն Աճեմօղլուի պարզաբանումը՝ «Մեր ձեւով» շարժման միանալու հրապարակումներուն հետ կապուած։
Աճեմօղլուն մասնաւորապէս նշած է, որ ինք չի յարիր հայաստանեան որեւէ քաղաքական ուժի:
Ռուսաստանցի օլիկարխ Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ հիմնադրուած եւ ներկայիս քաղաքական կուսակցութիւն դառնալու գործընթացին մէջ գտնուող «Մեր ձեւով» շարժման կողմէ կազմակերպուած վերջին հանդիպման ժամանակ տարածուած է Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի կողմէ ուղարկուած տեսաուղերձը, որուն մէջ կը նշուի, որ Աճեմօղլուն խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ շարժման:
Աճեմօղլուն «Ակօս»-ին պարզաբանած է. «Ես ուղերձ ուղարկած եմ անոնց համաժողովին համար, բայց ես որեւէ կապ չունիմ քաղաքական ուժին հետ»:
Աճեմօղլուի ելոյթէն առաջ շարժման առաջնորդներէն մէկը՝ Նարեկ Կարապետեանը, յայտնած է, որ Աճեմօղլուն որպէս խորհրդատու եւ փորձագէտ պիտի մասնակցի շարժման աշխատանքներուն Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագրին վերաբերեալ: Իր ելոյթին մէջ Աճեմօղլու ընդգծած է, որ «արհեստական բանականութիւնը եւ անոր բերած հնարաւորութիւնները կարեւոր են Հայաստանի զարգացման համար»:
Աճեմօղլուն «Ակօսի»-ի հարցումին ի պատասխան մասնաւորապէս նշած է․ «Ես չեմ համագործակցիր որեւէ կուսակցութեան հետ ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Թուրքիոյ մէջ: Ես հաղորդագրութիւն ուղարկեցի անոնց համաժողովին համար, բայց ես որեւէ կապ չունիմ քաղաքական ուժին հետ»։
Յիշեցնենք, որ այդ միջոցառումէն յետոյ հայաստանեան բազմաթիւ լրատուական կայքեր տարածած էին, թէ Աճեմօղլուն միացած է Կարապետեանի շ

