«Ներդրումների աջակցման կեդրոն» հիմնադրամի («էնթերփրայզ Արմէնիա») գլխաւոր տնօրէն Գոհար Ապաճեանի կարծիքով՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրով՝ Հայաստան կը մտնէ նոր տնտեսական փուլ՝ բարելաւուած ենթակառուցուածքներով եւ աւելի խոր տարածաշրջանային համարկմամբ։
Ապաճեան նման կարծիք յայտնած է Հայաստանի ներդրումային խորհուրդի կազմակերպած «Միջազգային առեւտուրի եւ ներդրումներու համագումար»-ի ընթացքին։
Ապաճեան նշած է, որ համաշխարհային առեւտուրի եւ ներդրումներու տարածքը շատ արագ կը փոխուի, եւ ամենայաջող ներդրումները, որոնք տեսանելի են այժմ, արհեստագիտութիւններու, ծառայութիւններու եւ արտադրութեան համադրութիւն են։
«Այս նոր միջավայրում ներդրողները դիտարկում են երեք հիմնական բան․ կանխատեսելի կանոններ, ամուր կապակցուածութիւն եւ, ի հարկէ, կատարողականութիւն։ Հայաստանը պատրաստ է առաջարկել այս երեքը։ Նախ՝ կանխատեսելիութիւնը. մեր ներդրումային քաղաքականութիւնը ստեղծում է թափանցիկ եւ կանոնների վրայ հիմնուած միջավայր, որը բոլոր ներդրողների համար հաւասար է։ Մենք թուայնացնում ենք մեր հանրային եւ ներդրումային ծառայութիւնները եւ փորձում ենք դրանք դարձնել աւելի արդիւնաւէտ՝ գաղափարից մինչեւ կատարում եւ շահագործման յանձնում։ Ի հարկէ, ինչպէս շատ կառավարութիւններում, կան բազմաթիւ կատարողական խոչընդոտներ, բայց կայ մեր կառավարութեան պարտաւորութիւնը եւ լիակատար աջակցութիւնը։ Մեր կառավարութիւնը կանգնած է իւրաքանչիւր առեւտուրի կողքին եւ պահում է իր խօսքը»,- շեշտած է Գոհար Ապաճեան։
Որպէս ներդրողներու համար երկրորդ կարեւոր հանգամանք՝ Ապաճեան առանձնացուցած է կապակցուածութիւնը՝ կարծիք յայտնելով, որ աշխարհագրութիւնը այս առումով առաւելութիւն է։
«Հայաստանի համար խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պարզապէս վերացական բառեր չեն, այլ տնտեսական հաշիւներ, որոնք մենք ձեռք ենք բերել: Հայաստանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան եւ TRIPP-ի միջոցով Հայաստանը կ’ամրապնդի կապը Սեւ ծովի, Կասպից ծովի եւ Պարսից ծոցի հետ: Եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրով՝ Հայաստանը մտնում է նոր տնտեսական փուլ՝ բարելաւուած ենթակառուցուածքներով եւ աւելի խորը տարածաշրջանային համարկմամբ»,- նշած է Գոհար Ապաճեան՝ մատնանշելով, որ առեւտուրի եւ ներդրողներու համար սա կը նշանակէ բազմազանեցուած լոկիսթիք եւ աւելի կարճ տարանցման ժամանակ ու բազմաթիւ տարածաշրջանային շուկաներ՝ մէկ ներդրումային կեդրոնէն:
Ներդրումներու համար որպէս երրորդ կարեւոր հանգամանք՝ Ապաճեան նշած է ծրագրերու եւ նախաձեռնութիւններու կատարողականութիւնը:
«Ներդրողները գնահատում են վստահութիւնը, որ խոստացուած յանձնառութիւնը կը կատարուի։ «Էնթերփրայզ Արմէնիա»-ն կանգնած է բոլոր ներդրողների կողքին։ Մենք կապուած ենք մեր պետական հատուածի հետ ու փորձում ենք ամէն ինչ դարձնել արագ եւ կանխատեսելի՝ սկսած թոյլտուութիւններից եւ ֆինանսաւորման հնարաւորութիւններից։ Եւ այն, ինչն իմ կարծիքով այսօր տարբերակում է Հայաստանը, ոչ միայն արհեստագիտութիւններն են, այլեւ բազմազան հնարաւորութիւնները, որտեղ համաշխարհային ընկերութիւնները կարող են գտնել խտաշար, դեռեւս շատ կարող կեդրոն՝ փորձաքննութեան, արտադրութեան եւ նախատիպերի ստեղծման համար»,- ըսած է «Ներդրումների աջակցման կեդրոն» հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէնը։
Անոր կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ առկայ ճարտարապետական խոր տաղանդի, որակաւորուած եւ բարձր աշխատուժի ու ստեղծագործական տաղանդի շնորհիւ կարելի է տեսնել բոլոր ներդրումային հնարաւորութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են։

