Ատրպէյճանի նախագահին հետ Քոփընհակընի հանդիպումէն յետոյ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցը հասցէագրուած է, կառավարութեան նիստէն յետոյ յայտնեց վարչապետը՝ շեշտելով, որ այդ թեմային վրայ կեդրոնանալու անհրաժեշտութիւն այլեւս չի տեսներ: Մինչ այս ալ թեմային անդրադարձած են, քանի որ այն առնչուած է Հայաստանի պետական շահերուն:
«Այդ թեման այլեւս արդիական չէ։ Այո՛, եղավ շատ լուրջ քննարկում ամենաբարձր մակարդակով ու ամենահեղինակաւոր միջազգային հարթակներում եւ այդ քննարկման արդիւնքում հարցը հասցեագրուեց Քոփընհակընում տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներով թողարկուած հաղորդագրութեամբ։ Այդ հարցը, գոնէ ինձ համար արդէն չկայ»,- յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Այդ հաղորդակցութեան ընթացքում շատ նրբութիւններ, ինչպէս արձանագրուած է հաղորդագրութեան մէջ, պարզաբանուած են, հետեւաբար այդ կեդրոնացումն այլեւ գոյութիւն չունի, դրա առարկայական հիմքերի բացակայութեան պատճառով։ Որովհետեւ ուրիշ բան է, որ կա՞ն առարկայական հիմքեր, թէ չկան առարկայական հիմքեր։ Ես համարում եմ, որ այդ հարցի վրայ կեդրոնանալու առարկայական հիմքեր այլեւս գոյութիւն չունեն»,- ըսաւ վարչապետը։

