Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բերման Ենթարկուած Են ՝ Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը եւ 9 Այլ Հոգեւորականներ

Բերման Ենթարկուած Են ՝ Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը եւ 9 Այլ Հոգեւորականներ

by MassisPost

Ձերբակալուած է Արագածոտնի թեմի Սաղմոսավանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Փառեն քահանայ Առաքելեանը, կան բերման ենթարկուած շարք մը այլ հոգեւորականներ, ընդ որում՝ Արագածոտնի թեմի առաջնորդը:

Թէ ո՞րն է ձերբակալութիւններուն պատաճառը, Մայր Աթոռի խօսնակ տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը ըսաւ, թէ մանրամասնութիւններէն տեղեակ չեն, եւ որ իրենք ալ պէտք է որոշ պարզաբանումներ ստանան: Ամէն պարագայի, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէնը բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւններն ու խուզարկութիւնները կը դիտարկէ իշխանութիւն-եկեղեցի հակամարտութեան ծիրին մէջ: «Ուրիշ այլ շրջանակ չենք տեսնում, բնականաբար եկեղեցու դէմ արշաւի շրջանակների մէջ է մտնում»,- ըսաւ Մայր Աթոռի խօսնակը:

Կը հաղորդուի, որ նախքան բերման ենթարկելը, վաղ առաւօտէն խուզարկութիւններ եղած են հոգեւորականներու տուներուն մէջ, փաստաբաններուն խօսքով՝ խուզարկութիւն  իրականացւուած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդարանին մէջ:

Հոգեւորականներու փաստաբաններուն խօսքով՝ թէեւ հոգեւորականները հարկադրաբար բերման ենթարկած են, սակայն Քննչական Կոմիտէին մէջ անոնք ունին վկայի կարգավիճակ:
Այսօր բերման ենթարկուած հոգեւորականներու փաստաբաններ Մարինէ Ֆարմանեանն ու Արա Զոհրապեանը կը նշեն, որ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսյեանի հաղորդման հիման վրայ տեղի ունեցած է բերման ենթարկելու այս գործընթացը:

Մասնաւորապէս, Յովհաննավանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Արամ քահանայի՝ Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցէն յետոյ հաղորդում ներկայացուած է:

Դանիէլ Իոաննիսեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ. «Շուրջ մէկ ամիս առաջ Հանրային հեռուստատեսութեան եթերում քահանայ տէր Արամը յայտարարել էր, որ 21 թուականին իրեն պարտադրել են մասնակցել քաղաքական ուժերից մէկի նախընտրական հանրահաւաքին: Դա քրէօրէն պատժելի արարք է: Այդ յայտարարութեան հիմքով ինչպէս ժողովրդավարական կարգին ուղղուած ցանկացած հրապարակային յայտնուած տեղեկատուութեան դէպքում, մենք յանցագործութեան մասին հաղորդում ենք ներկայացրել դատախազութիւն: Ճիշդն ասած՝ հաղորդումը ներկայացնելուց յետոյ հետագայ ընթացքի վերաբերեալ տեղեկութիւն չունէինք եւ չգիտէինք, որ քրէական վարոյթը յարուցուել է: Այսօր իմացանք: Մենք որեւիցէ տեղեկութիւն չունէինք՝ ովքեր են ենթադրեալ յանցագործութիւնը կատարողները, միակ տեղեկութիւնը այդ հարցազրոյցի ժամանակ քահանայի ասուածն էր, որը ուղարկել ենք դատախազութիւն, խնդրել ենք քննել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment