ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին պայմանադրութեան գործադիր քարտուղար Ասթրիտ Շումէյքըրը։
Զրուցակիցները անդրադարձած են 2026-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանադրութեան կողմերու 17-րդ համաժողովի (COP17) նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին։ Ընդգծուած է, որ այս պահի դրութեամբ իրականացուած է շօշափելի աշխատանք՝ միջոցառման բովանդակային ու տեխնիկական նախապատրաստման ուղղութեամբ՝ միտուած յաւակնոտ ու ներառական համաժողովի կայացման:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ասթրիտ Շումէյքեր միտքեր փոխանակած են համաժողովի յաջող կայացման նպաստող եւ ընդհանուր առմամբ ՄԱԿ շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութիւնը խթանող գաղափարներու շուրջ՝ ընդգծելով անոնց կեանքի կոչման հարցով Հայաստանի եւ պայմանադրութեան քարտուղարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային գործընկերներու հետ աշխոյժ փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւնը:

