ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած է AUSA միջազգային ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներուն մէջ, ծանօթացած է ներկայացուած ցուցանմուշներուն եւ հանդիպած է ցուցահանդէսին մասնակցող տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։


