Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահու հարցազրոյց տուած է ամերիկացի փոտքասթըր Փաթրիք Պեթ Տեւիտին, որուն մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թեմային:
Դիտարկմանը՝ 193 երկիր ճանչցած է Հոլոքոսթը, աշխարհի բոլոր երկիրները, իսկ որոշ երկիրներու մէջ զայն ժխտելու համար կարելի էր բանտարկուիլ՝ շատ երկիրներու մէջ մէկ կամ հինգ տարիով: Իսկ այն երկիրներու շարքին, որոնք ճանչցած են հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը, կ’ակնկալուէր տեսնել Իսրայէլը: Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուին ուղղուած հարցին, թէ ինչու մինչեւ հիմա չէք ճանչցած թուրքերուն կողմէ այդ համայնքներուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, Նեթանիահու պատասխանած է. «Կը կարծեմ՝ ճանչցած են: Կարծես Քնեսեթը բանաձեւ ընդունած է այդ մասին»:
Յստակացնող հարցումին, թէ ինչո՞ւ Իսրայէլի ոեւէ վարչապետ չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, Նեթանիահու պատասխանած է. «Ես հիմա այդ կատարեցի: Ահա»:

