«Հայաստանը ստանում է ապաշրջափակուած ճանապարհներ մեր տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան պահպանմամբ, որը, կարծում եմ, շատ կարեւոր է մեր պետութեան զարգացման տեսանկիւնից»:
Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ «Խաղաղութեան պայմանագրի» ստորագրմամբ ինչ կը ստանայ Հայաստանը։
«Այս փուլի համար այնքան մեկնաբանութիւն եւ այնքան տեղեկութիւն ինչքան նպատակայարմար է եղել փոխանցել, արդէն փոխանցուել է, եւ ես դրան աւելացնելու ոչինչ չունեմ: Առաջիկայում կը մեկնարկեն աշխատանքային գործընթացներ, եւ այն պահից սկսած, երբ յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցելու անհրաժեշտութիւն լինի, կառավարութիւնն այդ տեղեկութիւնը կը փոխանցի»,- ըսաւ Խուդաթեան:
Ան նշեց, որ «Խաղաղութեան պայմանագրի» նախաստորագրումը Հայաստանը շատ մեծ քայլ կը մօտեցնէ խաղաղութեան. «Կարծում եմ, որ դա Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու համար սպասուած, կարեւոր եւ ուրախալի իրադարձութիւն է»։
Խուդաթեան նկատեց, որ նախապէս չարագուշակ մեկնաբանութիւններ կը կատարուէին «Խաղաղութեան պայմանագրի» բնագրին մասով, մինչդեռ ըստ անոր՝ բնագրի հրապարակումէն առաջ պարզուեցաւ, որ այնտեղ ՀՀ-ի համար որեւէ սարսափելի, ողբերգական եւ չարագուշակ բան չկար. «Մենք սովոր ենք, որ այդպիսի մեկնաբանութիւններ կը կատարուեն այնքան ժամանակ, մինչեւ գայ պահը՝ աւելի մանրամասնելու փաստաթղթի իրականացման ճանապարհային քարտէզը»։
Հարցումին, թէ ուր պիտի երթայ Հայաստանը այդ ճանապարհով, Խուդաթեան պատասխանեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան համար բացուելու են այն ճանապարհները, որոնք անցնելու են Ատրպէյճանով, որովհետեւ ապաշրջափակումը երկկողմանի գործընթաց է»։

