Երեքշաբթի, Ապրիլ 25-ին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի թեկնածու Մոնիքա Ռոտրիկէզի ընտրական արշաւին սատարելու նպատակով:
Ընդունելութեան պատուոյ հիւրն էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին:
Երեկոյին հրաւիրուած էր նաեւ ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ), որու ներկայացուցիչները կարճ հանդիպում ունենալով քաղաքապետին հետ, շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր, Ապրիլ 24-ի քայլարշաւին իր մասնակցութեան ու նաեւ՝ քաղաքի միջոցները հայութեան տրամադրելուն համար: