Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ ԱԳՆ Ղեկավարները Ընդգծած Են Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Կարեւորութիւնը

Ֆրանսայի Եւ Թուրքիոյ ԱԳՆ Ղեկավարները Ընդգծած Են Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Կարեւորութիւնը

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար  Հաքան  Ֆիտանը Փարիզի մէջ  հանդիպած  է  Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար ժան-Նոէլ Պարոյի հետ։

Ինչպէս կը հաղորդէ Ֆրանսայի  Արտաքին  գործերու  նախարարութիւնը,  հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու երկկողմ յարաբերութիւնները եւ  տարածաշրջանային հարցեր։

Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարները ընդգծած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը։ Անոնք նշած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Հարաւային Կովկասին թոյլ պիտի տայ դառնալ խաղաղութեան, համարկման եւ համագործակցութեան տարածք՝ պայմանով, որ յարգուին երկու պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment