ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր միացած է #KeepThePromise քարոզարշաւին` աջակցութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստում» ֆիլմին:
«Իմ անունը Սամանթա Փաուըր է, եւ ես կ’երդուիմ, որ կը պահեմ խոստումս`մարդու իրաւունքներու ջատագով ըլլալու համար», – ըսուած է Փաուըրի տեսահաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ «Խոստում» ֆիլմի շնորհահանդէսը ամերիկեան շարժանկարի սրահներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ 21 ապրիլին: Շատ յայտնիներ, ինչպէս`Շերը, Էլթըն Ճոնը, Ռայան Հոսլինկը, Ճորճ եւ Ամալ Քլունիները, Լեոնարտօ ՏիՔափրիօն, Պարպարա Սթրէյզանտը աջակցած են #KeepThePromise քարոզարշաւին` ընդդէմ Ցեղասպանութեան ժխտման:
Ֆիլմէն ստացուած եկամուտները պիտի փոխանցուին ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն: