Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամանթա Փաուըր Միացած է «Խոստում» ֆիլմի Աջակցութեան Քարոզարշաւին

Սամանթա Փաուըր Միացած է «Խոստում» ֆիլմի Աջակցութեան Քարոզարշաւին

by MassisPost

ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր միացած է #KeepThePromise քարոզարշաւին` աջակցութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող  «Խոստում» ֆիլմին:

«Իմ անունը Սամանթա Փաուըր է, եւ ես կ’երդուիմ, որ կը պահեմ խոստումս`մարդու իրաւունքներու ջատագով ըլլալու համար», – ըսուած է Փաուըրի տեսահաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ «Խոստում» ֆիլմի շնորհահանդէսը ամերիկեան շարժանկարի սրահներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ 21 ապրիլին: Շատ յայտնիներ, ինչպէս`Շերը, Էլթըն Ճոնը, Ռայան Հոսլինկը, Ճորճ եւ Ամալ Քլունիները, Լեոնարտօ ՏիՔափրիօն, Պարպարա Սթրէյզանտը աջակցած են  #KeepThePromise քարոզարշաւին` ընդդէմ Ցեղասպանութեան ժխտման:

Ֆիլմէն ստացուած եկամուտները պիտի փոխանցուին ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment