Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Կը Սպառնայ «Իր Ամբողջ Զինանոցով», Հայաստանը Կ’արձագանգէ՝ «Մարտունակ Բանակ Ունենալը Իր Ինքնիշխան Իրաւունքն Է»

Ատրպէյճան Կը Սպառնայ «Իր Ամբողջ Զինանոցով», Հայաստանը Կ’արձագանգէ՝ «Մարտունակ Բանակ Ունենալը Իր Ինքնիշխան Իրաւունքն Է»

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մագլցողական հռետորաբանութեան մէջ ներքաշելու փորձերը անընդունելի են, կը յայտարարէ Արտաքին գործերու նախարարությեան խօսնակ Անի Բադալեանը՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան եւ որակելով զայն «անհասկնալի»:

Պաշտօնական Երեւանը կ’ընդգծէ, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակայնօրէն կատարուած առաջարկները սահմանային միջադէպերու եւ/կամ անոնց մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան՝ Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծելու մասին կը շարունակեն անարձագանգ մնալ Ատրպէյճանի կողմէ: «Նման մեխանիզմի գործարկումը հնարաւորութիւն կու տար պարզաբանել ցանկացած իրավիճակ եւ կը կանխարգիլէր իրականութեանը չհամապատասխանող տեղեկութիւնների տարածումը», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը պնդած է, թէ վերջին շրջանին հայկական ուժերը իբր ծանր զինատեսակներ կիրառած են Քելբաջարի եւ անօդաչու սարք՝ Թովուզի ուղղութեամբ, ապա շարունակած է․ «Եթէ նման սադրիչ գործողութիւնները չդադրին, ապա ինքնապաշտպանութեան նպատակով Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ գտնուող բոլոր միջոցներուն կիրառմամբ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուին»։

Պաքուն նաեւ քննադատած է արեւմտեան պետութիւնները Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը խորացնելու համար. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի մէջ կայացուած զօրավարժութիւնները, Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին մահաբեր զէնքերու տրամադրումն ու ԵՄ-ի կողմէ՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի քօղին ներքոյ Երեւանին 10 միլիոն եւրոյի ռազմական օգնութեան տրամադրումը, կ’ոգեշնչեն բռնագրաւող Հայաստանին, որպէսզի նոր սադրանքներու դիմէ եւ Ատրպէյճանի դէմ հերթական պատերազմին նախապատրաստուի»:

Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին եւ պիտի չշեղի այս ռազմավարութենէն, ի պատասխան՝ ընդգծած է ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը:

Անդրադառնալով Հայաստանի Զինուած ուժերու բարեփոխումներուն, սպառազինութեան եւ սարքերու ձեռքբերման, հայկական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը նշած է, որ մարտունակ բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ Հայաստանը պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ոլորտին մէջ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի պաշտպանութենէն դուրս որեւէ այլ նպատակ չունի. «Բանակի բարեփոխումների գործընթացում Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործում է բացառապէս միջազգային իրաւունքի շրջանակներում»:

«Նաեւ յիշեցնում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակային Ատրպէյճանին առաջարկել է սպառազինութիւնների վերահսկման փոխադարձ մեխանիզմ ստեղծել եւ համապատասխան պայմանագիր կնքել, ինչը նոյնպէս Ատրպէյճանը թողել է անպատասխան: Չնայած սրան, նաեւ այս առաջարկն է շարունակում մնալ ուժի մէջ»,- ըսուած է Անի Բադալեանի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment