Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Նոյնպէս Հերքած Է Երեւանի Հետ Զէնքի Գաղտնի Գործարքի Մասին Լուրերը

Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Նոյնպէս Հերքած Է Երեւանի Հետ Զէնքի Գաղտնի Գործարքի Մասին Լուրերը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին, հետեւելով Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան, նոյնպէս հերքած է մամուլին մէջ յայտնուած տեղեկատուութիւնը Երեւանի եւ Թեհրանի միջեւ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնքի գաղտնի գործարքի մասին։

Այս մասին աւելի վաղ գրած էր Iran International-ը՝ նշելով, որ հայկական կողմը իբր կը գնէ անօդաչուներ եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր։

Mehr գործակալութեան տուած մեկնաբանութեան մէջ դիւանագէտը այս հրապարակումները անուանած է «տարածաշրջանի երկիրներուն հետ Իրանի բարեկամական յարաբերութիւնները» վնասելու փորձ։

Անոր խօսքով՝ նման հաղորդագրութիւնները կը տարածեն ոչ-յուսալի լրատուամիջոցները, որոնք յաճախ դարձած են Իսլամական Հանրապետութեան մասին կեղծ լուրերու եւ կանխակալ վերլուծութիւններու աղբիւր։

Սուհանի նշած է, որ Իրանը կ’աջակցի Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment