ՀՀ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն հրապարակած է 2024թ. երկրորդ եռամսեակի 1000 մեծ հարկատուներու ցանկը:
Տուեալներուն համաձայն՝ ԶՊՄԿ-ն նախորդ տարուայ համեմատ աւելի քան 29 միլիոն դրամով աւելցուցած է հարկային վճարումները:
Ընթացիկ տարուայ Յունուար-Յունիս ամիսներուն գործարանը վճարած է 64 միլիոն 49 հազար 45 դրամ հարկ։ Այս ցուցանիշով ԶՊՄԿ-ն կրկին առաջինն է 1000 մեծ հարկատուներու ցուցակին մէջ։
ՊԵԿ հանրային կապերու բաժնին փոխանցմամբ՝ 1000 մեծ հարկ վճարողները 2024թ. Յունուար-Մարտ ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարած են աւելի քան 387 միլիառ 109 միլիոն դրամ:
Հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 329 միլիառ 864 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը՝ աւելի քան 57 միլիառ 244 միլիոն դրամ։
1000 մեծ հարկ վճարողներու վերաբերեալ ցանկը հասանելի է ՊԵԿ պաշտօնական կայքի «Տեղեկութիւն հարկ վճարողներու վերաբերեալ» բաժնի «Հարկ վճարողներու վերաբերյալ տեղեկատուական ցանկեր» ենթաբաժնին մէջ:

