Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իրանէն Հայաստան Կազամատակարարումը Պիտի Կրկնապատկուի

Իրանէն Հայաստան Կազամատակարարումը Պիտի Կրկնապատկուի

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին իրանեան SNN գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ մօտ ապագային Իրանէն Հայաստան կազամատակարման ծաւալները պիտի կրկնապատկուին։

2009 թուականէն սկսեալ Հայաստանը Իրանէն կազ կը ստանայ եւ, ջերմակայանին մէջ զայն վերածելով ելեկտրուժի, ետ կը մատակարարէ Իրանին։

Այս համաձայնագրին ժամկէտը կ’աւարտի 2026 թուականին։ Սակայն 2023-ի Օգոստոսին Հայաստանն ու Իրանը երկարաձգեցին «Կազ ելեկտրականութեան դիմաց» ծրագրին ժամկէտը մինչեւ 2030 թուականը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment