Այն ենթադրութիւնը, որ ռուսական կողմը կը պատրաստուէր դուրս բերել բոլոր սահմանապահները Հայաստանի սահմաններէն, չի համապատասխաներ իրականութեան, յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած է հայկական կողմին խնդրանքով որոշ հատուածներէն Ռուսաստանի սահմանապահներու դուրսբերման հարցը»,- ըսած է Զախարովա։
Անոր խօսքով՝ Մոսկուան միշտ «հաւատարիմ եղած է Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն եւ պատմականօրէն բխած է անոնցմէ»։ «Բայց ատիկա երկկողմանի շարժում է: Մեր կողմէ երբեք զիկզակներ չեն եղած, իսկ մնացածը հարցուցէք պաշտօնական Երեւանէն»,- ըսած է ան։

