Մոսկուան պարզաբանում խնդրած է Երեւանէն՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հռոմի Կանոնադրութիւնը խորհրդարանի վաւերացմանն ուղարկելու քայլին առնչութեամբ։
Այս մասին ճեպազրոյցին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Մենք այս հարցով արդէն պարզաբանում խնդրած ենք հայկական կողմէն եւ պիտի որոշենք մեր հետագայ քայլերը՝ ելլելով Երեւանի պատասխանին բովանդակութենէն», ըսած է Զախարովան։
Հայաստանի կառավարութիւնը Հռոմի Կանոնադրութիւնը խորհրդարանի վաւերացման ուղարկած է Սեպտեմբեր 1-ին։
Հռոմի Կանոնադրութիւնը վաւերացնելու միջոցով Հայաստանի կառավարութիւնը Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան կանչելու հնարաւորութիւն կը տեսնէ:
Միջազգային Քրէական Դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրահանգ տուած է, ինչ որ կը նշանակէ, որ այն երկիրներուն մէջ, որոնք վաւերացուցած են Հռոմի Կանոնադրութիւնը, Ռուսիոյ նախագահը կրնան ձերբակելել։