«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ. «ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ԱԺ-ի մէջ երէկ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւն ըրած է: Անոր խօսքերով, ապրիլեան պատերազմի օրերուն բանակը ունեցած է վառելիքի խնդիր, ինչի պատճառով ռազմական թեխնիքան հնարաւոր չէ եղած աշխատեցնել: Կը պարզուի՝ դիզելական վառելիքի հետ քարիւղ կը խառնեն, եւ շուկայի մէջ այդպէս անորակ վառելիք կը վաճառեն: «Ապրիլեան պատերազմի օրերին մենք ունէինք բազմաթիւ դէպքեր, երբ մեր ռազմական թեխնիքան չէր աշխատում այդ պատճառով»,- ըսած է վարչապետը:
Տեղի ունեցածը այլ կերպ, քան դաւաճանութիւն, դժուար է որակել: Քանի որ այդ խարդախութեան պատճառով ռազմական թեխնիքան չէ աշխատած եւ մենք ունեցած ենք 100 զոհ: Ու հիմա բնականաբար հարց կ’առաջանայ՝ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա այդ դէպքերու վերաբերեալ քրէական գործ չէ յարուցուած, եւ ընդհանրապէս, ո՞վ պատասխան պիտի տայ այս եղածի համար:
Ամենայն դէպս, երկրի գլխաւոր-գերագոյն հրամանատարը դեռ Սերժ Սարգսեանն է, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը ընդդիմութիւն կը խաղայ, իսկ գործող նախարարը` Վիգէն Սարգսեանը, անձնական PR-ով կը զբաղուի»: