Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ժողովուրդ». Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Գայթակղեցուցիչ Բացայայտումը՝ Քառօրեայ Պատերազմի Մասին

«Ժողովուրդ». Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Գայթակղեցուցիչ Բացայայտումը՝ Քառօրեայ Պատերազմի Մասին

by MassisPost

«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ. «ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ԱԺ-ի մէջ երէկ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւն ըրած է: Անոր խօսքերով, ապրիլեան պատերազմի օրերուն բանակը ունեցած է վառելիքի խնդիր, ինչի պատճառով ռազմական թեխնիքան հնարաւոր չէ եղած աշխատեցնել: Կը պարզուի՝ դիզելական վառելիքի հետ քարիւղ կը խառնեն, եւ շուկայի մէջ այդպէս անորակ վառելիք կը վաճառեն: «Ապրիլեան պատերազմի օրերին մենք ունէինք բազմաթիւ դէպքեր, երբ մեր ռազմական թեխնիքան չէր աշխատում այդ պատճառով»,- ըսած է վարչապետը:

Տեղի ունեցածը այլ կերպ, քան դաւաճանութիւն, դժուար է որակել: Քանի որ այդ խարդախութեան պատճառով ռազմական թեխնիքան չէ աշխատած եւ մենք ունեցած ենք 100 զոհ: Ու հիմա բնականաբար հարց կ’առաջանայ՝ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա այդ դէպքերու վերաբերեալ քրէական գործ չէ յարուցուած, եւ ընդհանրապէս, ո՞վ պատասխան պիտի տայ այս եղածի համար:

Ամենայն դէպս, երկրի գլխաւոր-գերագոյն հրամանատարը դեռ Սերժ Սարգսեանն է, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը ընդդիմութիւն կը խաղայ, իսկ գործող նախարարը` Վիգէն Սարգսեանը, անձնական PR-ով կը զբաղուի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment