Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերու:
Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է առկայ առանցքային խնդիրներու կարգաւորման հարցով հայկական կողմին մօտեցումները:
Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը պէտք է յարգուին եւ պաշտպանուին: Ռուսական կողմը ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի եւ գործէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ:
ԱԽ քարտուղարը ներկայացուցած է հայկական կողմին դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման շարք մը հարցերու շուրջ:
Իկոր Խովաեւը ընդունած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցեր:
Միրզոյեան, ըստ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան, անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ սկզբունքային խնդիրներու վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումներուն:
Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող արգելափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող հումանիտար ճգնաժամին առնչութեամբ վերահաստատուած է Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ շահագրգիռ գործընկերներու կողմէ գործուն քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: