Ապրիլ 28-ին, Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Թուրք պատմաբան` Եաշար Քորայի դասախօսութիւնը նուիրուած Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարական գործունէութեան` 1908 թուականի Երիտթուրքական յեղափոխութիւնէն յետոյ:
Միջոցառումին ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Վարիչ Մարմինի անդամներ, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիցչներ եւ Հայ համայնքի անդամներ:
Միջոցառումը կազմակերպող` Մասիս Հրատարակչական կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստինէ Աղախանեան, որ տեղեկութիւններ տրամադրեց Massis Publishing-ի մասին, որ իր մէջ կը ներառէ «Մասիս» Շաբաթաթերթը, MassisPost-ը եւ ՍԴՀԿ Արխիւը: Ապա, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
Այնուհետեւ ան հրաւիրեց օրուան հանդիսավար` Մասիս հրատարակչականի Խորհուրդի անդամ` Գրիգոր Մոլոյեանը, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսի կենսագրական գիծերը:
Իր ելոյթի սկզբնաւորութեան Դոկտ. Քորա իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ կենդանի աչքով կը տեսնէ ՍԴՀԿ դրօշը, որուն մինչ այդ ծանօթ էր միայն նեկարներով: Ան իր ելոյթին մէջ ծանրացաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Պոլսոյ ուսանողական միութեան «Կայծ» պարբերականի եւ Կուսակցութեան այլ հրատարակութիւններուն վրայ, որոնց էջերով շեշտը կը դրուէր գիտական սոցիալիզմի վրայ:
Դոկտոր Քորա քննարկեց ամսագրի էջերուն տարբեր տեսական եւ գործնական կարծիքներն ու հակափաստարկները եւ անոնց ազդեցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին սոցիալիստական շարժման վրայ:
Խօսելով ՍԴՀԿ-ի դիրքորոշումներուն մասին ան ընդգծեց Կուսակցութեան մասնակցութիւնը բանուորական եւ հակապատերազմական շարժումներուն եւ ներգրաւուածութիւնը` դասակարգային հարցերուն եւ կանանց ընտրելու իրաւունքներու պաշտպանութեան աջակցելու հարցերուն մէջ:
«Կայծՙ ամսագրի էջերով ընթերցողները ծանօթացած են ՍԴՀԿ-ի կողմէ մանրակրկիտ մշակուած փաստարկներուն` ի տարբերութիւն այլ քաղաքական գաղափարախօսութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին` Երիտթուրքերու կուսակցութեան: Դոկտոր Քորա շեշտեց, որ ամսագիրը շարունակած է կենդրոնանալ իր երկու հիմնական քաղաքական սկզբունքներուն վրա` հայ համայնքի պահպանման եւ դեմոկրատական եւ սահմանադրական բարեփոխումներու ուղղութեամբ պայքարին վրայ:
Դասախօսութեան յաջորդեց Դոկտոր Քորայի հետ հարցուպատասխանը, որ վարեց իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան: Այս բաժինով Թուրք պատմաբանը տեղեկութիւններ տուաւ ՍԴՀԿ-ի բանուորական շարժումներուն մասնակցութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու պատմութեան ուսումնասիրութիւնը իրականացնելու իր փորձին մասին:
«Մենք երախտապարտ ենք դոկտոր Քորային, որ կ’ուսումնասիրէ ՍԴՀԿ-ի ունեցած պատմական ազդեցութիւնը ժամանակաշրջանի աշխատաւորական եւ սոցիալիստական շարժումներուն վրայ եւ այդ բոլորը բացայայտելու ուղղութեամբ կը տանի հետազօտութեաններ: Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իր բացայայտումները մեր ամերիկահայ համայնքին ներկայացնելուն համար», – երեկոյի աւարտին ըսաւ Գրիգոր Մոլոյեան:
Դոկտոր Քորա ունի բազմաթիւ հրապարակումներ, որոնց շարքին` հայերու աշխատանքային պատմութեան, Օսմանեան բանակէն ներս հայ զինուորներու ներկայութեան եւ հայկական սոցիալիստական հրատարակութիւններու մասին: