Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախի Շրջափակումէն 100 Օր Ետք

Արցախի Շրջափակումէն 100 Օր Ետք

by MassisPost

Լաչինի միջանցքի փակումը բոլորեց իր 100-րդ օրը եւ 120 հազար Արցախցիներ կը շարունակեն ապրիլ շրջափակման մէջ` կրելով բազում դժուարութիւններ, սակայն մերժելով ենթարկուիլ Ատրպէյճանի պայմաններուն:

Համատարած կոչերը,  դատապարտումի խօսքերը եւ նոյնիսկի ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանի որոշումը` միջանցքի արգելափակելու կապակցութեամբ, անտեսուեցան Պաքուի  կողմէ, փոխարէնը Ատրպէյճան կը փորձէ հարցը ներկայացնել որպէս իր ներքին խնդիրը: Այս ընթացքին Արցախի ու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ,  Ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ տեղի ունեցած մի քանի հանդիպումները որեւէ արդիւնքի չհասան, երբ ատրպէյճանական կողմէ ուզեց օրակարգի վրայ դնել Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ մտնելու հարցը:

Այս ընթացքին Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ պատերազմով սպառնալ Հայաստանին ու Հայ ժողովուրդին: «Որպէսզի Հայաստանը հանգիստ ապրի 29 հազար քառակուսի քմ տարածքին` կայ մէկ պայման. անոնք պէտք է ընդունին մեր պայմանները` պաշտօնապէս ճանչնան Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս», յայտարարած է բռնապետը, գրաւուած Հայկական Թալիշ գիւղ այցելութեան ընթացքին:  Անգարայի մէջ կայացած Թրքական պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ներկայացուցած է տարածքային պահանջներ եւ յարձակման համար հող պատրաստող դրսեւորումներ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան»:

Ըստ երեւոյթին, Պաքուին անհանգիստ ըրած է Նիկոլ Փաշինեանի անցեալ շաբթուայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին օգտագործած «Ղարաբաղի Ժողովուրդ Եւ Իշխանութիւն» բառակապակցութիւնը: «Հայաստանի վարչապետը պէտք է հասկնայ, որ Ղարաբաղի շրջանի հայկական ծագման բնակչութեան իրաւունքները երբեք չեն կրնար բարձր ըլլալ շրջանի ատրպէյճանական բնակչութեան իրաւունքներէն», պնդած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը:

Այս բոլորի լոյսին տակ ճիշդ գնահատական կատարեց Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարելով որ, Ատրպէյճան ամէն ինչ կ’ընէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը անհնար դարձնելու համար:

Ներկայ դրութեամբ Պաքուի կոշտ սպառնալիքները զսպելու եւ պատերազմը կանխելու միակ գրաւականը կը մնայ Հայկական բանակի վերազինումը եւ Ազերիներու հետ ռազմական հաւասարակշռութեան որոշ չափով վերականգնումը,   առաջին հերթին առնուազն այնքան, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կարողանան ետ մղել թշնամիի յարձակումներ:  Այն օրը երբ Ալիեւ զգայ, որ յաջորդ պատերազմին կրնայ յաջողութեան չհասնիլ կը դադրեցնէ սպառնալից իր ելոյթները:

Այս առումով նորութիւն էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու Յանձնաժողովի նիստին ունեցած ելոյթը, ուր ան բաց լսարանի առջեւ ներկայացուց, թէ ինչ տեսակի սպառազինութեամբ օժտուած  է Հայկական բանակը:   «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը համալրուել են տարբեր տեսակի անօդաչու թռչող սարքերով, հակահրասայլային միջոցներով, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներով եւ դրանց արդիականացուած համակարգերով, թրթուրաւոր եւ ճարտարապետական սարքերով, ականազերծման լրակազմով, քօղարկման ցանցերով, կապի միջոցներով, տեսողութեան սարքերով, նռնականետներով, տարբեր տեսակի զինամթերքով եւ այլ տեսակի սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերի միջոցներով», ըսաւ Պապիկեան` այսպիսով խախտելով այս հարցի շուրջ երկար ժամանակ տեւած լռութիւնը, որուն ընթացքին միայն օտար աղբիւրներէ, յատկապէս Հնդկական լրամիջոցներէն կ՛իմանայինք ձեռք ձգուած նոր զինատեսակներու մասին տեղեկութիւնները:

Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ «խաղաղութեան պայմանագրին» տրուած չափազանց կարեւորութիւնը եւ այդ հարցի յաճախակին յիշատակումը եւս, Ալիեւի կողմէ կը թարգմանուի որպէս տկարութեան նշան եւ ան առիթը կ’օգտագործէ հոգեբանական ճնշումի իր սանձարձակ ելոյթները շարունակելու վարքագիծը:

Լաչինի միջանցքի փակումէն 100 օր ետք կացութիւնը կը գտնուին սառած վիճակի մէջ ու իրադրութեան մէջ բեկում մտցնելու հաւանականութիւնը կը նուազի օրէ-օր, մինչեւ այն ատեն երբ, միջազգային կառոյցները խօսքէն անցնելով գործի սկսին պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի դէմ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment