Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Շքեղ Ճաշկերոյթին Հանգանակուեցաւ 7 Միլիոն Տոլար

Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Շքեղ Ճաշկերոյթին Հանգանակուեցաւ 7 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

Անցեալ Կիրակի, Մարտ 19, 2023, Լոս Անճելոսի Fairmont հիւրանոցի դահլիճին մէջ, շուրջ հազար հոգիի ներկայութեամբ նշուեցաւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի շինարարութեան առաջին փուլի  յաջող աւարտին նուիրուած տարեկան շքեղ ճաշկերոյթը (Gala):

Սրահին մէջ զետեղուած զոյգ լայնապաստառ հեռատեսիլներու միջոցով, ներկաները մօտէն ծանօթացան թանգարանի շինարարական աշխատանքներու հետ առնչուող գործընթացին: Յայտագրի գործադրութիւնն սկսաւ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի զոյգ  քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութեամբ (կատարողութեամբ սոփրանօ) Մարինէ Տէր Ղազարեանի: ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի  հոգեւոր առաջնորդներու հաւաքական աղօթքէն ետք Յովնան Սրբազան անոնց անունով տուաւ իր գնահատականն ու պատգամը պատմական կառոյցի կապակցութեամբ:

Սոյն միջոցառումին հանդիսավար Գեւ Օրգեանի եւ պատուոյ ատենապետուհի Տայանա Թիմուրեանի ողջոյնի ելոյթներէն ետք, Սենաթոր Էնթընի Փորթանթինօ խօսք առնելով, բարձր գնահատեց կառուցման մէջ եղող թանգարանի աշխատանքներն ու անոր բերելիք նպաստը, երկրէն ներս:

Հայ-Ամերիկեան թանգարանի գործադիր տնօրէն` Շանթ Սահակեան ամփոփ զեկոյցով լուսաբանեց եւ արժեւորեց թանգարանի շինարարութեան հետ առնչուող զարգցումներն ու յետագայ աշխատանքները:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս (Արտի)  Քասաքեանը իր անհուն ուրախութիւնը յայտնեց սոյն ազգանուէր եւ կրթանուէր գործին համար, որով կարեւոր ներդրում մըն է ապագայ սերունդներու ինքնութեան պահպանման տեսակէտով:

Յայտագրի գեղաարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արա պարի համոյթն ու Գեւ Օրգեան (նուագ եւ զուարթախօսութիւն):

Թանգարանի այս տարուան բարերարներու մեծագումար ներդրումներուն մասին առանձին ելոյթներով հանդէս եկան Տօքթ.Նազարէթ Տարագճեան, Աւետիս Իզմիրլեան, Գաբրիէլ Մոլոյեան, Տօքթ. Ռաֆֆի Պալեան եւ իրաւաբան Թալին Եագուպեան: Իսկ նուիրատուներն էին Արմէն եւ Կլորիա Համբար Հիմնարկութիւն, Ռիմա եւ Տօնել Գամերուն, Աւետիս եւ Նենսի Թեւանեան: Նուիրատուներէն ստացուած ընդհանուր գումարը հասած է եօթը միլիոն տոլարի:

Իր փակման խօսքին մէջ մեծ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Հայ-Ամերիկեասն թանգարանի Խնամակալ Մարմնի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան: Ան դրուատելէ ետք ազգապարծան մեծ կառոյցի բարեմասնութիւնները իր խորին շնորհակաութիւնները յայտնեց բոլոր բարերարներուն, Տնօրէն Խորհուրդի անդամներուն, ենթակառոյցներուն եւ գործող յանձնախումբերուն, որոնք իրենց օտգաշատ ներդրումով, իրականութիւն դարձուցին այս մեծ նախաձեռնութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment