Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Microchip Technology-ն Մասնաճիւղ Պիտի Բանայ Հայաստանի Մէջ

Microchip Technology-ն Մասնաճիւղ Պիտի Բանայ Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ամերիկեան Microchip Technology ընկերութեան փոխնախագահ Պրիւս Վեյերը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Microchip Technology-ի մուտքը Հայաստան եւ հայկական Instigate Semiconductor ընկերութեան հետ համագործակցութիւնը, որու ծիրին մէջ Microchip Technology-ն մասնաճիւղ պիտի բանայ Հայաստանի մէջ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի զարգացումը ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է, եւ ռազմավարական այս ոլորտին մէջ շարունակաբար կայուն աճ կ’արձանագրուի:

«Մենք կարեւորում ենք հեղինակաւոր տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընկերութիւնների ներգրաւումը հայաստանեան շուկայ եւ պատրաստակամ ենք աջակցել ներդրումային գործընթացին, ինչը կը խթանի նորարարութիւնների աճը մեր տնտեսութիւնում»,  ըսած է վարչապետը եւ յիշատակած «էնթերփրայզ Արմէնիա» ներդրումներու աջակցման կեդրոնի գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ  կառոյցին կողմէ ներդրողներուն հետ կ’իրականացուի թիրախային աշխատանք:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ վարչապետին բարձր գնահատականին համար` Պրիւս Վեյերը նշած է,  որ  Microchip Technology-ն հետաքրքրուած է հայկական արհեստագիտական շուկային մէջ ծրագիրներու իրականացմամբ եւ կը նախատեսէ գործունէութիւն ծաւալել ծրագրային ապահովման, միքրոչիփերու արտադրութեան, ոլորտային կրթութեան ուղղութիւններով, նպաստել ՀՀ արհեստագիտական էքոհամակարգի զարգացման: Նշուած է, որ Instigate Semiconductor-ը գրասենեակներ ունի Երեւանի, Կիւմրիի, Վանաձորի, Իջեւանի մէջ եւ կը ծրագրէ ընդլայնել գործունէութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են բարձր եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառին մէջ փոխգործակցութեան շուրջ:

Վարչապետը անդրադարձած է կառավարութեան տնտեսական բարեփոխումներու օրակարգին, ներկայացուցած է արհեստագիտութեան ոլորտի ծրագիրները եւ նշած է, որ ոլորտի առաջնահերթութեան մասին կը վկայէ նաեւ կառավարութեան կողմէ համապատասխան հիմնարկի` Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարութեան ստեղծումը: Պրիւս Վեյերը իր հերթին նշած է, որ Microchip Technology ընկերութիւնը հետաքրքրուած է երկարաժամկէտ համագործակցութեամբ եւ հեռանկարային կը համարէ նաեւ տիեզերական հետազօտութիւններու ոլորտին մէջ գործընկերութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment