Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գերութենէն Վերադարձած Մայորը Գումարի Դիմաց Փոխանցած Է Պետական Գաղտնիք Կազմող Տեղեկութիւններ

Գերութենէն Վերադարձած Մայորը Գումարի Դիմաց Փոխանցած Է Պետական Գաղտնիք Կազմող Տեղեկութիւններ

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան «N» զօրամասի նիւթատեխնիկական ապահովման հարցով հրամանատարի տեղակալ Ա.Ն.-ն` մայորի զինուորական կոչումով, 2021 թուականի Յուլիսին Սիւնիքի մարզի Իշխանասար կոչուող տեղանքին մէջ, մարտական դիրքեր սնունդ տեղափոխելու ընթացքին, եղանակային վատ պայմաններու պատճառով, «Սեւ լիճ» կոչուող հատուածին մէջ, մէկ այլ զինուոր` Ա.Տ.-ի հետ միասին, «Ուրալ» մակնիշի ինքնաշարժով յայտնուած է հակառակորդին կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ, գերեվարուած եւ տեղափոխուած է Պաքու:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննչական բաժանմունքին մէջ իրականացուած նախաքննութեամբ տուեալներ ձեռք բերուած է, որ Ա.Ն.-ն, մինչեւ 2021 թուականի Սեպտեմբեր 7, գտնուելով գերութեան մէջ, Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ, գրաւոր համաձայնագիր ստորագրած է` համագործակցելու  օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու հետ:

Նոյն թուականի Սեպտեմբեր 7-ին Ա.Ն.-ն վերադարձած է Հայաստան եւ 2021 թուականի Դեկտեմբերին նշանակուած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան «N» զօրամասին մէջ:

Պաշտօնավարման ընթացքին, Ա.Ն.-ն, հաւաքագրուելով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցչին յանձնած է պետական գաղտնիք հանդիսացող տուեալներ` այդ կերպ կատարելով պետական դաւաճանութիւն` ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան` որպէս վարձատրութիւն ստանալով 20 հազար 200 տոլար գումար:

2023 թուականի Փետրուար 28-ին հսկող դատախազը որոշում կայացուցած է «N» զօրամասի համապատասխան պաշտօնեային նկատմամբ 2003 թուականի Ապրիլ 18-ին ընդունուած ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 299-րդ յօդուածի առաջին մասով (պետական դաւաճանութիւն) հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին. Ա.Ն.-ին ներկայացուած է մեղադրանք:

Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը աւարտած է եւ 2023 թուականի Մարտ 6-ին հսկող դատախազին որոշմամբ մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատուած է, քրէական վարոյթի նիւթերը յանձնուած են Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment